«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է զբօսաշրջութեան ոլորտի խումբ մը ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Յայտնենք, որ այս իր երկրորդ ընդլայնուած հանդիպումն է զբօսաշրջութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ` նախագահ Սարգսեան առաջարկած է աւելի գործնական մթնոլորտի մէջ կատարել` քննարկելով Հանրապետութեան նախագահի եւ նախագահական հիմնարկի կողմէն յստակ աջակցութեան կարելիութիւնները:
Զբօսաշրջութեան ոլորտի ընկերութիւններու ղեկավարները ներկայացուցած են շարք մը հարցեր, յատկապէս անդրադարձած են երկրի համար հեռանկարային եւ մեծ ներուժ ունեցող այս բնագաւառի վերականգնումին ուղղուած մատչելի քայլերուն` պետական աջակցութեան անհրաժեշտութեան: Հարկ է նշել, որ նախագահի հետ նախորդ հանդիպումէն ետք այդ ուղղութեամբ որոշակի քայլեր ձեռնարկուած են: Կարեւոր համարուած է նաեւ ներկայ իրավիճակով սահմանուած կարգաւորումներու մասին յստակ տեղեկատուութեան հասանելիութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի տեղեկութիւնը ինչպէս իրավիճակին, նոյնպէս ալ երկրի ու որոշակի ոլորտներու մասին: Իրավիճակը աւելի յստակ կ’ըլլար, եթէ զբօսաշրջային ընկերութիւնները իրենք արտերկրի մէջ ներկայացուցչութիւններ ունենային եւ ուղղակի տեղեկութիւններ ստանային ու փոխանցէին գործընկերներուն:
Արտերկրի զբօսաշրջային շուկան անհրաժեշտութիւն դիտարկելով հանդերձ` նախագահ Սարգսեան կարեւոր համարած է նաեւ տեղական շուկայի վրայ կեդրոնացումը:
Խօսելով նախագահական հիմնարկի կողմէն տրուած աջակցութեան մասին` նախագահ Սարգսեան առաջարկած է աշխատանքային խումբ ստեղծել եւ յստակ ձեւակերպել հիմնական ուղղութիւնները:
Արմէն Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ նախագահական հիմնարկին նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ շարք մը ծրագիրներու եւ միջազգային նախաձեռնութիւններու իրագործումը, որոնք նոյնպէս կը նպաստեն զբօսաշրջութեան զարգացման ու մեր երկրի ճանաչելիութեան: