«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին յետմահու շնորհել Արցախի հերոսի բարձրագոյն կոչում:
Յարութիւնեան դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է.
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին առընթեր պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու շնորհումի քննարկման խորհրդակցական յանձնաժողովի քննարկութեան ներկայացուցած ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական կոչում (Արցախի հերոս) շնորհելու հարցը», գրած է նախագահը:
Յարութիւնեանը յայտնած է, որ Արթուր Մկրտչեանի` Հայրենիքին մատուցած բացառիկ ծառայութեան եւ թողած աւանդին մասին առիթ ունեցած է խօսելու 14 Ապրիլին` քուէարկութենէն առաջ:
«Կը կարծում, մեր երիտասարդ պետականութեան կերտման գործին մէջ անոր կատարած աշխատանքը արժանի է ամենաբարձր գնահատականի եւ սերունդներու համար դաստիարակութեան լաւ օրինակ կրնայ ծառայել», յայտնած է Յարութիւնեան: