Երեքշաբթի, 25 Օգոստոս 2020-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2020-ի 210 թուակիր հրամանագրը, ըստ որուն երկրչփ. Հուսէյն Արնուսի կը յանձնուի Սուրիոյ կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը:
Յիշենք, որ շաբաթներ առաջ նախագահ Ասատ հրամանագիրով պաշտօնանկ ըրաւ երկրչփ. Իմատ Խամիսը եւ անոր փոխարէն Հուսէյն Արնուսը նշանակեց որպէս Սուրիոյ վարչապետ:
«Շամ Թայմզ» յայտնեց, որ կառավարութեան անդամներուն անունները առայժմ չեն յայտարարուած: