Երեքշաբթի, 25 Օգոստոս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ը պաշտօնապէս յայտարարեց Սուրիոյ սահմանադրութիւն քննարկող յանձնախումբի Ժընեւի մէջ երէկ գումարուելիք ժողովին յետաձգուիլը, որովհետեւ մասնակցող պատուիրակութիւններուն մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներ յայտաբերուած են:
Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Կիր Պետըրսընի գրասենեակը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, յայտնելով որ Ժողովը առ այժմ յետաձգուած է: Զուիցերիական իշխանութիւնները եւ Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը տեղեակ են այս որոշումէն, անոնք իրենց կարգին որոշում առին վարակուած պարագաներուն հետ շփում ունեցածները հետապնդել, որպէսզի ստուգուի թէ անոնք վարակուա՞ծ են, թէ ոչ:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ, որ սուրիական կառավարութեան պատուիրակութեան մէջ կայ 1 վարակուած պարագայ, թրքական պատուիրակութեան մէջ 1 պարագայ, իսկ պարագայ մըն ալ՝ Սուրիոյ քաղաքային հասարակութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մէջ: Յիշեալ երեք պատուիրակութիւններէն խնդրուեցաւ անմիջապէս ուղղուիլ իրենց իջեւանած կեդրոնները եւ հեռաւորութիւն պահել իրարու միջեւ, որպէսզի չվարակուած պարագաները ապահով մնան: