ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւններու աշխատանքային խումբին հերթական նիստը:

Քննարկելով համավարակին հետեւանքով երկիրին մէջ ստեղծուած ծանր ընկերային-տնտեսական կացութիւնը, գործազրկութեան եւ աղքատութեան յարաճուն վերելքը, աշխատանքային խումբը որոշեց մշակել արտակարգ դրութեան իրաւական վարչական խախտումին պատճառով կիրառուած տուգանքները չեղարկելու (համաներելու) մասին նախագիծ: Յառաջիկային ՀՀ Ազգային ժողովի շրջանառութեան մէջ պիտի դնէ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը:
Աշխատանքային խումբը միաժամանակ որոշում առաւ դատական կարգով վիճարկել դիմակ չկրելու համար կիրառուող անհիմն պատիժները եւ դատարանին միջնորդել ` կասեցնելու Պարետի համապատասխան որոշումը:
Նկատի առնելով, որ ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը մերժած է բարձրաստիճան խումբ մը պաշտօնատար անձերու յանցագործութեան մասին քրէական գործի յարուցումը մերժելու բողոքը, աշխատանքային խումբը որոշեց դիմել դատարան` պարտաւորեցնելով յարուցելու քրէական գործ:
Երեք կուսակցութիւններու աշխատանքային խումբ