ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձած է ԱՀ նախագահի կողմէն Արթուր Մկրտչեանին յետմահու «Արցախի Հերոս» կոչում շնորհելու հարցը համապատասխան յանձնաժողովի քննարկումին ներկայացնելուն.
Դաւիթ Իշխանեան յայտնած է․ «Կ’ողջունեմ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին յետմահու Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական կոչում (Արցախի Հերոս) շնորհելու հարցը համապատասխան յանձնաժողովի քննարկումին ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը: Իմ խորին համոզումով, Արթուր Մկրտչեան Արցախի հերոսի կոչումին առաջին արժանացողը պէտք է ըլլար: Թէկուզ ուշացումով, ԱՀ նախագահի քայլը գնահատելի է: Աւետիս Ահարոնեանի խօսքերը ուղղուած Զօրավար Անդրանիկին եղած են ինծի համար ուղեցոյց` Հերոսի մը իսկական կերպարը գնահատելու համար: Այդ խօսքերը հնչած են իմ ելոյթիս` Արթուր Մկրտչեանի 60-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութեան. «Միշտ ցաւ ունեցայ Անդրանիկին ուսադիրներուն համար: Ազգային հերոսները պաշտօնական փայլք ու պատիւէն միշտ պէտք է հեռու մնան: Յարգանքն ու պաշտամունքը, որ ժողովուրդը կը փռէ իր ընտրեալներու ոտքերուն առջեւ, մշտական եւ անուշաբոյր խնկարկութիւն են: Ոչ մէկ շքանշան, ոչ մէկ պատուոյ աստիճան կրնար փոխարինել այդ յարգանքը»: