Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 26 Օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքին հետ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:
Ստեփանեան յայտնած է, որ զրոյցի ընթացքին Տօնոյեան դեսպան Քասփրչիքի ուշադրութիւնը հրաւիրած է ինչպէս երէկ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Ալավերտեանի մասնակցութեամբ տեսագրուած ուղերձին, նոյնպէս ալ հրապարակուած նախորդ տեսագրուած հոլովակին վրայ` ընդգծելով, որ վերոնշեալ տեսագրութիւնները միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքներու, այդ կարգին նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներ են:
«Ժընեւեան համաձայնութիւնները կ՛երաշխաւորեն ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, անոնց պատիւին եւ արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի իրաւունքը, որ պէտք է բացառէ որեւէ տեսակի նուաստացնող վերաբերմունք անկախ անկէ, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ եւ ի՛նչ վայրի մէջ յայտնուած է անձը հակառակ կողմի իրաւազօրութեան ներքեւ: Զինուոր Գուրգէն Ալավերտեան ակնյայտօրէն կը կարդայ իրեն պարտադրուած թերի հայերէնով մշակուած գրութիւնը», գրած է Ստեփանեան:
Նշենք, որ սպայ Գուրգէն Ալավերտեան Ատրպէյճանի տարածքին մէջ յայտնուած է 24 Օգոստոսին: Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած էր, որ նախնական տուեալներով ան մոլորուած է: