«Հորիզոն».-26 Օգոստոս 2020-ին, ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատին պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի շրջագիծէն ներս, Քանատայի կառավարութիւնը որոշում գոյացուցած է 260.000 տոլարի նիւթական նպաստ տրամադրել Հայաստանի Հանրապետութեան:

Նիւթական նպաստի սոյն փաթեթը կու գայ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վարակուողներուն թիւը անցած է 43.000-ը, մեծապէս ծանրաբեռնելով երկրի տնտեսութիւնն ու առողջապահական համակարգը:

Համավարակի տարածման առաջին իսկ օրերէն, ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը աշխատանք ծաւալեց Քանատայի պետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նիւթական նպաստ ապահովելու ուղղութեամբ:
Օթթաուայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կատարած պաշտօնական դիմումնագրէն անմիջապէս ետք, յանձնախումբը անցաւ հետեւողական աշխատանքի եւ յատուկ նամակով մը դիմեց Քանատայի Միջազգային Յարաբերութեանց Նախարարութեան երեք նախարարներուն, արտաքին գործոց նախարար՝ Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամբայնին, միջազգային առեւտուրի նախարար՝ Մէրի Ինկին եւ միջազգային զարգացման նախարար՝ Քարինա Կուլտին, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պետական պաշտօնատարներու, կոչ ուղղելով կառավարութեան, որ պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի առնչութեամբ անյապաղ նպաստ տրամադրեն ՀՀ կառավարութեան:
Ըստ նախնական տուեալներուն, Քանատայի Կարմիր Խաչի խողովակով, նպաստը պիտի փոխանցուի Հայաստանի Կարմիր Խաչին եւ պիտի օգտագործուի համավարակի դէմ պայքարելու տարբեր ծրագիրներու համար:
Հայ Դատի Յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Քանատայի կառավարութեան եւ վերոնոշեալ նախարարներուն, վերահաստատելով իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան օգտակար հանդիսանալու ուղղութեամբ: