Սուրիոյ կառավարութիւնը իր վերջին նիստին հաստատեց, որ յաջորդ շաբթուընէ սկսեալ քաղաքացիներուն հացի վաճառքը պիտի կատարուի ելեկտրոնային քարտերու միջոցով, իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամներուն թիւին համապատասխան:

Շեշտը դրուեցաւ արտադրութիւններու արդար բաշխումին, յատկապէս կառավարութեան կողմէ տնտեսաւորուող նիւթերու շահագործման դէմ պայքարին, օրինախախտումներու նկատմամբ իրաւական միջոցներ ձեռնարկելուն եւ դատական ​​մարմինները ուղղորդելուն վրայ`շուկաներու խիստ վերահսկողութեամբ:

Ներքին Առեւտուրի եւ Սպառումներու Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրը ալ Ուաթանին յայտնեց, որ հացի բաշխումի նոր ձեւի կիրառումը կը նպաստէ հացի վաճառքի կրճատման եւ արդար բաշխումին: