«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը անդրադարձած է է հայ-ատրպէյճանական սահմանի տաւուշեան հատուածին, ըստ Պաքուի հաղորդագրութեան, «Հայկական գնդակէն սպանուած» ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողի` Էլշէն Մեմմետովի նիւթին:

Թուրքիոյ ՊՆ-ի Twitter-ի պաշտօնական էջին վրայ այս առնչութեամբ գրառում կատարած է: Թրքական զինուորական գերատեսչութիւնը Հայաստանը մեղադրած է «Հրադադարի վարչակարգի խախտումով» եւ զգուշացուցած է, որ Հայաստան իսկոյն «Դադրեցնէ կրակի հետ խաղալը»:

Թուրք-ատրպէյճանական քարոզչական շեշտերը կրող նշեալ յայտարարութիւնը երկրորդած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Ըստ անոր ձեւակերպումներուն, Հայաստան պիտի դադրեցնէ «Արարքը եւ խելքը գլուխը հաւաքէ»:

Չաւուշօղլուն շեշտած է, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ մնալ եղբայրական Ատրպէյճանի կողքին: