ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ 6 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտը կրկին հրթիռակոծուած է: Ան տեղեկացուցած է որ հրթիռակոծուած է նաեւ Շուշին:

«Դուք այլ բանի ընդունակ չէք բացի քաղաքները հարուածելու, ձեր կռիւը միայն  խաղաղ բնակիչներու հետ կրնաք», գրած է Արծրուն Յովհաննիսեան: