«Երկիր».- Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ՀՅԴ կամաւորական 3-րդ վաշտի հրամանատար Ներսէս Տէր-Պետրոսեան յայտնեց, որ  27 Սեպտեմբերին սկսած պատերազմէն ետք  արդէն 3-րդ կամաւորական վաշտն  պատրաստած է ՀՅԴ-ն :

Ան դիտել տուաւ, որ այս պահուն մօտաւորապէս 150 կամաւորներու հետ  աշխատանք կը տանին:

Նախորդ վաշտերը արդէն համալրած են մեր ազգային բանակի շարքերը, երրորդը նոյնպէս պատրաստ է մեկնելու:

Վաշտը մարզելու համար 5 կամաւորական դասակներ  կազմաւորած են, մարզումները կը կատարուին Բիւրականի սարերուն մէջ, դաշտերուն մէջ,  որոնք մօտ են արցախեան բնակլիմայական պայմաններուն: