ԻՒՆԻՍԵՖ-ը յայտարարութիւն  տարածած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին:

Յայտարարութեան մէջ յիշուած է.

«Արդէն 10 օր է, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակը  սրած է: Ըստ տեղեկութիւններուն, չորս երեխայ սպանուած է, իսկ  եօթը` վիրաւորուած: Եթէ մարտերը չդադրին, այս թիւը ցաւալիօրէն կ’աճի:

Մարտերու հետեւանքով կ’ոչնչանան տուներ, կը վնասուի դպրոցներն ու այլ կարեւոր ենթակառուցուածքներ: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղենք` պաշտպանել խաղաղ բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները հետագայ վնասներէն` միջազգային եւ մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան: