«Երկիր«.-6 Հոկտեմբերին  Երեւանի Հանրապետութեան փողոցը սովորականէն աւելի մարդաշատ էր. ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի գրասենեակէն, ուրկէ 27 Սեպտեմբերին ռազմաճակատ  մեկնած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի նուիրեալ ընկեր, ազատամարտիկ, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեան, կուսակից ընկերները զայն ճամբեցին յաւերժապէս:

Գեղամ Մուշեղեան` ընկեր Գեղամ, Արցախեան ռազմաճակատին` թշնամիին դէմ մարտերուն, հերոսաբար զոհուած է 4 Հոկտեմբերին, իսկ այսօր ազատամարտիկի աճիւնը ամփոփուեցաւ հերոս զինակից ընկերներու կողքին` «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ:

«Ընկեր Գեղամը զոհուեցաւ յանուն հայրենիքի, սա գիտակցուած անձնազոհութիւն էր` յանուն Արցախի, յանուն հայ ժողովուրդի, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան: Ընկեր Գեղամը իր ողջ կեանքի ընթացքին առաջնորդուած է նշանաբանով` յանուն հայրենիքի: Արցախեան վերջին 3 պատերազմներուն ունեցաւ իր մասնակցութիւնը: 1991-94 թուականներուն մասնակցեցաւ Արցախեան ազատամարտին, մասնակցութիւն ունեցաւ Մարտակերտի ազատագրման: 2016 թուականի ապրիլին հայրենիքը կրկին վտանգի մէջ էր, իսկ ընկեր Գեղամը Դաշնակցութեան գումարտակի հետ սահմանին էր», հրաժեշտի իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն ու բնորոշեց, որ հայրենասիրութիւնը ընկեր Գեղամի համար գործ էր, ան  ապացուցեց իր կեանքով` միանալով Շահէն Մեղրեանին, Թաթուլ Կրպէյեանին, Կարօտին, Պետոյին, Դուշմանին եւ միւս բոլոր ընկերներուն:

Գեղամ Մուշեղեանի մարտական ընկեր, ազատամարտիկ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ազատամարտիկներու յանձնախումբի ներկայացուցիչ Իկոր Սարգսեան Եռաբլուրի մէջ ազատամարտիկին վերջին հրաժեշտը տալէն առաջ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Չենք ողբար, կսկիծը մեր սրտին մէջ ու գիտակցութեան մէջ յաղթական առաջ պիտի երթանք»: Անտրտունջ Գեղամ ինքնիրեն զոհաբերեց… Ամէն անգամ պատերազմի դաշտ մեկնեցաւ` պատրաստ զոհաբերուելու` յանուն կեանքի, յանուն ապագայի, յանուն իր սերունդներու, եւ այսօր ան ֆիզիքապէս մեզմէ կը հեռանայ: Տակաւին 40 օր պիտի մարտնչի ընկերներուն հետ, այնուհետեւ պիտի երթայ երկնքի արքայութիւն` միանալու մեր բոլոր նուիրեալներուն, որոնք ազգի պահպանութեան, պետականութեան, ապագայի համար մարտնչած ու զոհաբերուած են: Պիտի երթայ նուիրեալներու մօտ` ըսելու, որ դաշնակցական մարտիկները կանգնած են ժողովուրդի կողքին, եւ պիտի երթայ զինուորի առջեւէն` որպէս հրամանատար, որպէս դաշնակցական մարտիկ: Փա՛ռք մեր բոլոր ննջեցեալներուն»:

Իկոր Սարգսեան զինակից ընկերոջ շիրիմին առջեւ խոստացաւ. «Ետ պիտի բերենք ամէն ինչ` մեր երազներու հայրենիքը, Հայկական բարձրաւանդակը, Արցախը, ամէն կորսուածը»: