ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան 6 Հոկտեմբերի մամուլի ասուլիսին ըսաւ, որ Ստեփանակերտի այսօրուան հրթիռակոծութենէն կան տուժածներ:

«Այսօր վաղ առաւօտեան դարձեալ սկսաւ Ստեփանակերտի  հրթիռակոծութիւնը,  կը շարունակեն հրթիռակոծել քաղաքը, բնակելի թաղամասերը, շինութիւնները, ենթակառուցուածները: Կան տուժածներ եւ վիրաւորներ», ըսաւ ան: