Օ՜ իմ Հայրենի՛ք
Արեամբ ոռոգուած հող ամենասուրբ
Որդիքդ ահա,(որերորդ անգամ),
Դարձեալ կը բռնեն յաւերժի ճամբան
Որպէսզի ապրիս դուն երկա՜ր դարեր

Օ՜ իմ Հայրենի՛ք
Կապոյտ ու խաղաղ երկինք տենչացող՝ երկի՛ր հնամեայ
Հերոսներդ ահա
Կրկին կը քալեն մահուան կիրճերէն
Ի սէր քու գալիք պայծառ օրերուդ

Օ՜ իմ Հայրենի՛ք
Դեղին ու հասած ծիրանի երկիր
Մարտիկնեիդ ահա
կռիւ կը մղեն կենաց ու մահու
Որ ապագային ըմպեն քաղցրահամ քու անուշ գինիդ։

Օ՜ Հայրենի՛ք իմ
հո՛ղ ամենասուրբ, արեամբ ոռոգուած
Երկի՛ր հնամեայ, կապոյտ ու խաղաղ երնինք տենչացող
Ծիրանի՛ երկիր, դեղին ու հասած

Դուն պիտի ապրիս
Դուն պիտի ծաղկիս
Դուն պիտի յառնիս զերդ փիւնիկ մ’անմահ

Ու մենք՝ որդիքդ, քու հերոսներդ ու մարտիկներդ
Պիտի պայքարինք
Որ դուն միշտ ապրիս ու բարգաւաճիս
Որ դուն միշտ տեսնես խաղաղ ու պայծառ օրեր
Որ ապագային յաղթանակէն ետք ըմպենք քաղցրահամ քու անուշ գինիդ։

Վեհան Պարսումեան
2/10/20
Հալէպ