Ճշմարտութենէն խուսաբած կ’ըլլամ, եթէ ըսեմ, թէ այս տարուան վերամուտը ինծի համար սովորական վերամուտ էր։ Անսովոր էր, այն առումով, որ զգացումներս ու ապրումներս խառնաշփոթ վիճակի մէջ էին։
Այս վերամուտին, քայլերս ինծի Հալէպի Նոր Գիւղի Կիլիկիա շէնքէն դէպի 73 տարիներ առաջ իր զաւակները գրկաբաց ընդունած Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան չտարին, այլ զիս հասցուցին Հայաստանի հիւսիսը գտնուող Լոռի մարզի Մեթովկա գիւղի միջնակարգ դպրոցը։ Այս վերամուտին զիս չդիմաւորեցին իմ աշակերտները իրենց փայլուն աչուկներով ու չըսին. «Բարի վերամուտ, օրիո՛րդ», սակայն դիմաւորեցին նոյն տարիքով մանուկներ, որոնց շողացող աչքերուն մէջ  հազար ու մէկ հարցումներ կ’արտացոլային։
Այստեղ ամէն բան տարբեր էր, նոյնիսկ դպրոցին կառոյցը։ Այստեղ դպրոցը տեղակայուած էր հայրենիքի բնութեան գիրկը, մինչդեռ մեր ճեմարանը տեղակայուած էր Սփիւռքի Մայր Գաղութին գիրկը։ Այստեղ իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտութեան թիւը չի գերազանցեր ձեռքերուս մատները, մինչդեռ ճեմարանի մէջ, հակառակ վերջին տարիներուն աշակերտութեան երկու երրորդին գաղթին, մինչեւ օրս իր մէկ կարգի աշակերտներուն թիւը կը գերազանցէ այստեղի ամբողջ դպրոցի աշակերտութեան թիւին։ Այստեղ համեմատութիւն կատարելը անտեղի է կը կարծեմ։
Պահ մը յիշեցի ճեմարանի աշակերտութեան դժգոհութիւններն ու ընդվզումը, արդեօք եթէ Մեթովկայի աշակերտութեան պայմաններուն մէջ կրթութիւն ստանային, նոյնքա՞ն պիտի դժգոհէին։
Արդէն առաջին դասաժամն է։ Այս տարի, ես, ըստ պարտականութեանս, իւրաքանչիւր դասարանի պիտի չներկայացնէի իւրաքանչիւր առարկայի ուսուցիչը. դպրոցի տնօրէնը զիս պիտի ներկայացնէր, որպէս «ընկեր Պէթթի» կամ «ընկեր Քիլէրճեան», «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագիրին կողմէ գործուղղուած Հայոց Պատմութեան եւ Համաշխարհային Պատմութեան ուսուցիչ։
 Կը նկատէի արդէն, որ բոլոր աշակերտներուն մտքին մէջ կը պտտէին հազար ու մէկ անպատասխան հարցումներ։ Աշակերտներուն համար ալ նոր երեւոյթ էր, իրենց համար ալ դժուար էր. ինչպէ՞ս պիտի կարենային «լեզու գտնել» ուսուցիչի մը հետ, որ արեւմտահայերէն կը խօսի, հակառակ որ նոյն ազգի զաւակներ են, Աւելին. նոր ուսուցիչը թրծուած է այլ միջավայրի բարքերով ու սովորութիւններով։
Անցած էր ծանօթութեան պահը, ու մենք արդէն սկսած էինք անդրադառնալ նախորդ տարեշրջանի ծրագիրին, վերյիշել գիտելիքները։ Առաջին այս պահը այնքան ալ դիւրին չանցաւ: Իւրաքանչիւր հարցումէս վերջ, պէտք էր պահ մը սպասէի, արդեօ՞ք անոնք կրցան ըմբռնել ըսածս, թէ այլ ձեւով կրկնեմ: Արդեօ՞ք գրատախտակին վրայ գրելով պիտի դիւրացնեմ անոնց ընկալումը։
Այսպիսով սկիզբ առաւ իմ երկամեայ ճամբաս։ Յատկանշականը այն է, որ աշակերտները ինծի կը դիմեն «ընկեր Պէթթի» կանչելով։ Ականջներս այդքան ալ վարժ չեն նման արտայայտութեան։
Ի միջի այլոց ըսեմ, որ Խորհրդային Միութեան օրերէն եկած արտայայտութիւն մըն է «ընկեր»ը, ուր ընդհանրապէս պարոն, տիար, տիկին, օրիորդ….  դիմելու ձեւերը ընկերային տրամաբանութեան մէջ ձուլուած են: Մարդոց դիմելու համար պէտք է «ընկեր» կանչել։
Հոգ չէ, ոչ մէկ հարց «օրիորդ»ի կամ «ընկեր»ի տարբերակներուն գծով: Հիմնականը մեր մտերմութիւնն է։ Այսօր Սփիւռքի եւ հայրենիքի տարածքին իւրաքանչիւր կրթական մարզի մէջ իւրաքանչիւր մշակ, ըլլայ «օրիորդ, պարոն…» կամ «ընկեր», ունի իրեն վստահուած առաքելութիւն մը, այդ ալ որակեալ ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելն է։
Թող հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին մեր բոլոր աշակերտները, ուսուցիչները եւ կրթական մարզի աշխատողները հեզասահ ուսումնական տարի մը ունենան, ու թող ոչինչ խոչընդոտէ մեր լոյսի աղբիւրներուն գործընթացը։
Պէթի Քիլէրճեան