Աշխարհով մէկ պէտք է շարունակենք մեր բողոքի գործողութիւններն ու քաղաքական-յարաբերական աշխատանքները, շեշտելով՝
-Արցախի հարցի կարգաւորման ամենաճիշդ, ամենաարդար եւ ամենաազդու միջոցը՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է.
-Ատրպէյճան պէտք է իր կողմէ վերահկսուող տարածքներէն հեռացնէ միջազգային ահաբեկչութեան վարձկանները, որոնք այնտեղ հասած են Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ ու կարգադրութեամբ.
-Թուրքիան որպէս հակամարտութեան կողմ հանդէս գալու իր բոլոր ջանքերուն պատճառով պէտք է հեռացուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբէն. Թուրքիոյ նկատմամբ պէտք է պատժամիջոցներ սահմանուին՝ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան հարուածող իր ոտնձգութիւններուն պատճառով.
Այս հրադադարը դեռ չի նշանակեր որ Ատրպէյճան-Թուրքիա դաշինքին կողմէ սանձազերծուած պատերազմը աւարտած է. պատերազմը կը շարունակուի, եթէ նոյնիսկ համեմատաբար մեղմացած են կրակոցները, ռմբակոծումներն ու հրետանակոծումները։
Քաղաքական-քարոզչական աշխատանքներուն զուգահեռ, ամբողջ հայութիւնը պէտք է շարունակէ նոյն թափով մասնակցիլ պատերազմի հետեւանքները դիմակայելու համար՝ համահայկական եւ Հայաստան-Արցախի համար անհրաժեշտ մարդասիրական օժանդակութեան առաքումներուն, որոնք կը համադրուին պետական համապատասխան կառոյցներուն հետ։
Այս պայքարը իր յաղթական աւարտին հասցնելու եւ յաղթանակը ամրագրելու պահը հիմա է։ Բոլորս՝ ի զէն, իւրաքանչիւրս՝ իր հնարաւորութիւններուն առաւելագոյնը տալով։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
10 Հոկտեմբեր 2020