«Ալիք».- 28 Սեպտեմբեր 2020 թուակիր Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակով, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ պատիւ եւ տիտղոս շնորհեց Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանին, գնահատելով սրբազան հօր երեսուն տարիներու հոգեւորական ծառայութիւնը:
Նորին Սրբութեան Սրբատառ Կոնդակին մէջ յատկապէս յիշուած է.

«Մօտէն հետեւած ենք Ձեր ծառայական կեանքի բոլոր հանգրուաններուն: Արդարեւ ե՛ւ Մայրավանքէն ներս Ձեզի վստահուած պարտականութիւնները, ե՛ւ որպէս Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ձեր ստանձնած պատասխանատւութիւնները կատարած էք միշտ բծախնդրութեամբ, հետեւողականութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ: Քաջատեղեակ ենք Ձեր գլխաւորութեամբ թեմէն ներս արձանագրւած իրագործումներուն՝ կրօնական, կրթական, մշակութային եւ հասարակական բնագաւառներու մէջ: Իրագործումներ, որոնք արժանացած են Մեր բարձր գնահատանքին: Արդ, առ ի գնահատութիւն անցած տարիներու Ձեր նւիրեալ ծառայութեան, եւ որպէս քաջալերանք թեմի ծրագիրներու իրագործման ի խնդիր Ձեր վարած աշխուժ գործունէութեան, այսու Հայրապետական Կոնդակով Ձեզ կը շնորհենք ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ պատիւ եւ տիտղոս»: