«Արմէնփրէս».- ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան հաղորդած է, որ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերու կազմէն մարտական գործողութիւններուն մասնակցող իսրայէլական արտադրութեան Sandcat զրահամեքենայ խոցած է, ներկայացնելով զրահամեքենայի լուսանկարը:
«Կարեւոր հանգամանք: Հայաստանի ռազմական փորձագէտները նկատած են, որ տեսանիւթին մէջ երեւած է իսրայէլական Sandcat զրահամեքենայի ոչնչացումը: Կը հաստատենք ըսուածին իսկութիւնը», գրած է Ստեփանեան:
Աւելի ուշ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տեսանիւթ հրապարակած է Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերու ինքնաշարժի շարասեան խոցումին մասին: Տեսանիւթի վերջը կ’երեւի, թէ ինչպիսի դիպուկ հարուածով խոցուած է իսրայէլական արտադրութեան Sandcat-ը, իսկ մեքենայի կողքին կանգնած զինուորական ծառայողը փախուստի դիմելու ատեն շպրտուած է հարուածի ալիքէն: