«Արմէնփրէս».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդած է, որ ծերակուտական Պոպ Մենենդես ԱՄՆ քոնկրէսի երկու բանաձեւ ներկայացուցած է, որոնցմով կոչ ուղղած է դադրեցնել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին սպառազինութիւններու վաճառքը:
«Հայ ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող արարքը` Թուրքիոյ լիակատար աջակցութեամբ, արդէն յանգեցուցած է տարածաշրջանի մէջ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին ցաւալի զոհերու եւ մարդու իրաւունքներու սարսափելի խախտումներու: Միացեալ Նահանգները չի կրնար շարունակել օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ անվտանգութեան եւ սպառազինութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ անոնք հետզհետէ աւելի ու աւելի կը հեռացնեն տարածաշրջանը խաղաղութենէն», յայտարարած է Մենենդես:
Ծերակուտականը յայտնած է, որ այդ երկու բանաձեւերը պիտի կանգնեցնեն վաճառքը երկու կառավարութիւններուն, որոնք իրենց անվտանգութեան ուժերը կ’օգտագործեն անմեղ մարդոց վնաս հասցնելու համար: