«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռեապքով ԹԱՍՍ-ին յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի Ռուսիոյ համանախագահ Իկոր Փոփով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հանդիպումը:
«Յատուկ յանձնարարութիւններու գծով մեր դեսպան Իկոր Փոփով մեկնած է Ուաշինկթըն: 23 Հոկտեմբերին հոն տեղի պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով անոր շփումները ԱՄՆ ներկայացուցիչներուն հետ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հանդիպումը», ըսած է Ռեապքով: