«Արմէնփրէս».- Արցախի Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան էջը կը հաղորդէ, որ 22 Հոկտեմբերի երեկոյեան կրակի տակ առնուած է Արցախի Ասկերան քաղաքը, իսկ կէսգիշերին ատրպէյճանական բանակի նշանակէտին յայտնուած է Մարտունին:
«Օրուան ընթացքին Ատրպէյճանը կոպտօրէն ոտնահարած  է միջազգային բոլոր ձեւաչափերը: Երեկոյեան կրակի տակ յայտնուած Ասկերան քաղաքը, իսկ կէսգիշերին ատրպէյճանական զինեալ ուժի նշանակէտին դարձեալ Մարտունին էր: Հրթիռակոծութեան հետեւանքով նիւթական վնասները շատ են: Խաղաղ բնակչութեան շրջանին տուժածներ չկան», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: