Ո՞ր մոլորակի վրայ կ’ապրիք դուք,
Դուք, տկարամիտ, ցնդա՛ծ յիմարներ։
Գազանը անգամ երբ կը ձախողի իր որսը բռնել
Խելքի կու գայ որ ճամբան իր փոխէ՝
Գոնէ փրկելու իր ունեցածը…
Տկարամի՞տ էք։
Ձեր Խեղճ զինուորին դուք այդքան կատէ՞ք,
Որ զինք կը ղրկէք ռազմի դաշտին մէջ
Ձեր ցնորամիտ ցանկութիւններուն համար զոհուելու։
Չսորվեցա՞ք դեռ…
Դուք ճակատ կ’ելլէք պատմութիւն կերտած ազնուութեան հետ…
Դուք ճակատ կ’ելլէք գոյութիւն բառը կերտող ազգի դէմ,
Քնացա՞ծ էք դուք, թէ՝ կոյր իսկապէս…
Չտեսա՞ք ազգը, այս ազգը խրոխտ՝
Մահը հեգնելով իր կեանքը կերտեց։
Եթէ չէք գիտեր,
Գացէք պատմութեան գիրքեր կարդացէք…
Մենք ՄԱՍԻՍՈՒԱԾ ենք…
Մեր արմատները խրած ենք մինչեւ կիզակէտն երկրին…
Մենք՝ ԱՐԱԳԱԾՈՒԱԾ Աստծոյ հետ խօսող շունչ ենք երկնասլաց ։
Մենք՝ ՍԻՓԱՆՈՒԱԾ ենք՝ ուր երկինք երկիր իրար են գրկած։
Մենք՝ ՄՌԱՒՈՒԱԾ ենք շղթաներով կուռ Արցախն ենք գրկած ։
Մենք՝ ԱՐԱՅՈՒԱԾ ենք պատիւը որպէս օրհնութիւն ընտրած։
Մենք՝ կարմիր ՀՈ՜Ղ ենք
ուր մեր նախնիներն արնոտ աչքերով մեզ պատգամեցին
արեւի յոյսով թէժ ապագայի արեւը պայծառ։
Մենք՝ ՊԱՏՄԱԿԵՐՏ ենք արիւնով օծուած.
Անցեալէն եկած մենք ՅԱՒԵՐԺԻՆ ՀԵՏ վաղուց ենք ճախրած։
Ցնորա՞ծ էք դուք, որ կ’ուզէք ջնջել «Աստծոյ հետ խօսող» ազգն այս փառապանծ։
Մութ անտառներէն եկեր էք այսօր ԱՐԵ՞Ւ մարելու։
Ուշքի՛ եկէք դուք…
Պատմութեան ցնորած դուք ուղեւորներ։
Չէ՞ք գիտեր միթէ.
Երբ թափառական խոտ կը կրծէիք
Մշակոյթ կ’երգէր ՀԱՅը իր զաւկին…
Թէ խելապատիկ ցանկութիւններն ձեր
Ռազմի երգերով ձեզ պիտ՛ օրօրեն,
Գիտցէ՛ք, արթնցէ՛ք,
Դաւիթը կու գայ իր Թուր Կեծակով
Եւ իր հետ պիտի բարձր շեփորեն
ՄԱՍԻՍԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄՌԱՒ ՈՒ ՍԻՓԱՆ,
ԱՐԱԳԱԾ, ՍԵՒԱՆ,
Եւ դեռ Աշխարհի քարտէզն ոռոգող
Մեր պատմութեան կուռ կառչած հայեր…
Եւ միահամուռ կայծակներ դարձած՝
նոր դարպասներու դռները բացած
Ձեզ մութ պատմութեան գիրկը կը նետեն…
Հրանդ Մարգարեան