«Արմէնփրէս».-ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Atlantic Council-ի մէջ քննարկումի ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով մօտաւորապէս 90 հազար արցախցի տեղահանուած է, կորսնցուցած է իր տունը, ունեցուածքը:
«27 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերը պարբերաբար ենթարկուած են յարձակման, ռմբակոծման, հրթիռակոծման, օդային յարձակման, ԱԹՍ-ներու յարձակման: Մօտաւոապէս 90 հազար մարդ տեղահանուած է, կորսնցուցած է իր տունը, ունեցուածքը: Ենթակառոյցները վնասուած են: Մարդիկ կ’ապրին կրակի տակ», ըսաւ Մնացականեան:
Զոհրապ Մնացականեան աւելցուց, որ կան բազմաթիւ քաղաքացիական կորուստներ, ամէն օր կը ռմբակոծուին հիւանդանոցներ, դպրոցներ: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ այս ամէնը պէտք է կասեցուի:
Նորայր Շողիկեան