Ամէն օր կը խախտուին մարդու իրաւունքները, խախտուած է հրադադարի մասին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Այս արձանագրած են Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանած պատգամաւորները, որոնք Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:
Անոնք ստեղծուած իրավիճակէն ելքը կը տեսնեն Արցախի անկախութեան ճանաչումը, որ ըստ անոնց, թոյլ պիտի տայ որոշակի բանակցութիւներ սկսելու եւ կառուցելու Արցախի ապագան:
Պատուիրակութիւնը հաստատած է, որ միջազգային հանրութիւնը կոյր կը ձեւանայ, այդպիսով օգնելով ատրպէյճանա-թրքական միութեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ ՏԷր Խաչատուրեան կարեւոր նկատած է այս օրերուն Հայաստանի հանդէպ Ֆրանսայի բարեկամական վերաբերմունքը եւ յոյս յայտնած է, որ անիկա պիտի նպաստէ Արցախի անկախութեան ճանաչման: