11 Նոյեմբերին, Ազատութեան հրապարակի մէջ տեղի ունեցած հանրհաւաքի ընթացքին ՀՅԴ անդամ Արծուիկ Մինասեանի խօսքը.
«Մենք ձեզի հետ վերականգնած ենք հայ ազգի արժանապատուութիւնը. Մենք պէտք է պահանջենք խաղաղ, անցնցում, անարիւն իշխանափոխութիւն:
Սիրելի սպաներ եւ զինուորներ, սա Հայաստանի հպարտ ժողովուրդի արժանապատուութեան պայքարն է, դուք պէտք է կանգնիք մեր կողքին: Ես կը դիմեմ ԱԱԾ աշխատակիցներուն, միացէք մեզի, մեր ժողովուրդին, միացէք որդեկորոյս ծնողներու պահանջներուն, որ կարենանք փրկել մեր հայրենիքը, որ այսօր զոհասեղանին դրուած է: Այսօր հայ ժողովուրդի վաղուան օրը վտանգուած է: Եթէ դուք ձեր ուսադիրներուն տէրն էք, դուք ալ միացէք մեր այս պահանջին: Կը դիմեմ բոլոր քաղաքացիներուն, բոլորդ եկէք Ազատութեան հրապարակ, բոլորդ պահանջեցէք, որպէսզի Նիկոլ Փաշինեանը հեռանայ: Ան իրաւունք չունի այլեւս Հայաստանը ղեկավարելու»,յայտարարեց Մինասեան: