«Երկիր».-Ատրպէյճանի մշակոյթի փոխնախարար Անար Քամիրով իր թուիթերեան էջով հրապարակած է Դադիվանքի լուսանկարները եւ, անուանափոխելով հայկական վանական համալիրը, յայտնած է, թէ Խուդաւանքը հին կովկասեան Ալպանիոյ քաղաքակրթութեան լաւագոյն վկայութիւններէն է: Այնուհետեւ աւելցուցած է, թե վանքը 1992 թ.-ին գրաւած են հայկական ուժերը եւ, խախտելով ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաձայնութիւնը, փոխած են վանքի իրական ծագումնաբանութիւնը:
Փաստենք, սակայն, որ 8 Հոկտեմբեր 2000-ին Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի 16 անդամներու կողմէն, որոնց մաս կը կազմէին Հայաստանի, Կիպրոսի, Իտալիոյ, Ռումանիոյ, Յունաստանի եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներ, ստորագրուած է Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող No 9256 փաստաթուղթը, որուն համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական քաղաքականութեան աղաղակող փաստերէն է Դադիվանքի աւերումը, որ տեղւոյն իսլամադաւան բնակչութիւնը (ատրպէյճանցիները) համարած է հայկական քրիստոնէական կրօնի մնացորդներ եւ աւերած են:
Դադիվանքը հայկական առաքելական միջնադարեան վանական համալիր է Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանի Դադիվանք գիւղին` Դադիւան լերան լանջին` Թարթառ գետի ձախ ափին: Պատմականօրէն եղած է Մեծ Կողմանք գաւառի հոգեւոր առաջնորդարանը: Կոչուած է նաեւ Խութավանք, որովհետեւ կառուցուած է Խութի բլրակին վրայ: Մատենագիտական աղբիւներուն համաձայն Դադի վանքը առաջին անգամ յիշատակուած է 9-րդ դարուն: Աւանդութեան համաձայն` եկեղեցին հիմնուած է Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադէի կողմէն առաջին դարուն: Դադիվանքի վերանորոգման համար իրականացուած պեղումներու ընթացքին` 21 Յուլիսի 2007-ին, վանական համալիրի եկեղեցիներէն մէկուն խորանին տակ գտնուած են սուրբ Դադէ առաքեալի մասունքները: