Պատերազմի առաջին իսկ օրը, ատրպէյճանա-թրքական արարքը դիմագրաւելու հիմնաւորումով, ՀՀ կառավարութիւնը երկրին մէջ յայտարարեց ռազմական դրութիւն: Այդ որոշումով նախատեսուեցան շարք մը սահմանափակումներ, մասնաւորապէս` արգիլուեցան հաւաքները, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ պաշտօնատար անձերու գործողութիւնները քննադատող հրապարակումները:
10 Նոյեմբերին Փաշինեանը ստորագրեց հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական` իր էութեամբ գլխակարկութեան շարժում, որ արդարացիօրէն արժանացաւ համայն հայութեան ընդվզումին ու ցասումին:
Հակառակ անոր, որ Փաշինեանին ստորագրած գլխակարգութեան համաձայնագիրով վերացուեցան ռազմական դրութիւն յայտարարելու մասին վերը նշուած սահմանափակումներու հիմքերը, օրուան իշխանութիւնները ոչ միայն չեն չեղարկած այդ սահմանափակումները, այլեւ աւելին` անոնք օգտագործած են որպէս քննադատները լռեցնելու եւ անոնց նկատմամբ բռնաճնշումներու կիրառման գործիք: Իրաւապահ մարմիններու կամայական գործողութիւններու հետեւանքով քաղաքական ընդդիմութեան ղեկավարներ եւ հանրութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ ենթարկուած են հետապնդումներու ու զանգուածային ձերբակալութիւններու:
Երկրին մէջ փաստացիօրէն հաստատուած է բռնապետութիւն:
Այդուհանդերձ, արդէն իսկ դատարանները փաստած են, որ ռազմական դրութեան իրաւական վարչակարգով պայմանաւորուած ձերբակալութիւնները ոչ իրաւաչափ են:
Կը պահանջենք ՀՀ իշխանութիւններէն` անյապաղ վերացնել ռազմական դրութիւնը` առիթ տալով հանրութեան ազատօրէն արտայայտելու իր դիրքորոշումները: Մինչ այդ, իրաւապահ մարմիններէն կը պահանջենք առաջնորդուիլ խաղաղ հաւաքները անխոչընդոտ ապահովելու` ՀՀ Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքով եւ վերջ տալ ծայր առած քաղաքական հետապնդումներուն:

15.11.2020 թ.
17 Կուսակցութիւններու Քաղաքական Խորհուրդ
Յայտարարութիւնը բաց է միանալու համար: