«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:
Ողջունելով ԱՀ նախագահին` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է. «Մեծարգոյ պարոն նախագահ, կ’ողջունեմ Ձեզ Երեւանի մէջ, ռազմական գործողութիւններու դադարից վերջ սա մեր առաջին հանդիպումն է: Անշուշտ, մենք իրարու հետ բաւականին ծանր ժամանակներ ապրած ենք, ծանր որոշումներ առած ենք եւ հիմա, ինչպէս պայմանաւորուած ենք, պէտք է կեդրոնացնենք ուժերը Արցախի մէջ բնականոն կեանքը վերականգնելու, մեր հայրենակիցներու վերադարձը ապահովելու եւ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու համար:
Հայաստանի կառավարութեան մէջ արդէն առնուած են շարք մը որոշումներ, որոնք կը վերաբերին Արցախի մեր հայրենակիցներուն տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերելուն: Անշուշտ, այդ գործողութիւնները պիտի շարունակուին: Ես հրապարակած եմ «ճանապարհային քարտէզ», որուն ծանօթ էք, քննարկած ենք իրար հետ եւ այստեղ մեր հիմնական հարցը Արցախի բնականոն կեանքը վերականգնելն է, զոհուած զինբուորական ծառայողներուն եւ քաղաքացիներուն ընտանիքներուն երաշխիքների ա ընկերային ապահովումը, կարելի եղած չափով արագ անհետ կորածներու ճակատագիրի պարզումը եւ անոնց ընտանիքներուն, հաշմանդամութիւն ստացած զինուորներու եւ քաղաքացիներու ընկերային երաշխիքներու ապահովումը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս ընկերային-հոգեբանական աշխատանքներու իրականացումը:
Պատերազմէն վերջ մեծ ներդրումների անհրաժեշտութիւն ունին թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Արցախը, եւ մենք պէտք է նաեւ միատեղ աշխատինք այդ ներդրումները ապահովելու ուղղութեամբ: Մենք ամէնօրեայ կապի մէջ ենք, բայց նաեւ այս հանդիպումներուն աւելի պիտի կեդրոնացնենք մեր ընելիքները»:
Իր խօսքով Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտնած է. «Մեծարգոյ պարոն վարչապետ, շնորհակալութիւն հանդիպման համար: Իրականութեան մէջ ոչ միայն ամէնօրեայ, այլ նաեւ պատերազմի օրերուն մենք եւ յետպատերազմեայ ժամանակահատուածին առիթ ունեցած ենք ներկայացնելու ստեղծուած իրավիճակը: Այսօր ես կ’ուզեմ նշել, որ հոսքը դէպի Արցախ, մեր հայրենակիցներու վերադարձը կ’ընթանայ բաւական մեծ թափով: Մեր հաշուառման կեդրոնի տուեալներով` միայն 5 օրուան ընթացքին 25 հազար մարդ ետ եկած է եւ հոսքը կը շարունակուի: Անշուշտ ճանապարհներու, անվտանգութեան հետ կապուած հարցերը պիտի քննարկենք Ձեզի հետ»:
Ապա ԱՀ նախագահը ըսաւ.«Հաստատ յառաջիկայ օրերուն իրար ետեւէ քանի մը ընկերային ծրագիրերներ պիտի իրականացուին, մասնաւորապէս, Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած իւրաքանչիւր արցախցիի պիտի տրամադրուի դրամական օգնութիւն, բնակարան կորսնցուցած մեր հայրենակիցներուն մէկ շունչի հաշիւով միանուագ պիտի յատկացուի 300 հազար դրամ: Այս եւ միւս ծրագիրներ, այո, պիտի լիցքաթափեն ընկերային լարուածութիւնը:
Կ’ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել հայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մեր այն բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք այս մէկուկէս ամսուան ընթացքին հիւրընկալած են արցախցիներուն եւ անոնք որեւէ տեսակի հարց չեն տեսած, չեն զգացած:»
ԱՀ նախագահը աւելցուցած է.«Կը ծրագրենք առաջին փուլով իրականացնել մեր հայրենակիցներու տեղափոխումը Արցախ, որոնք մնալու առիթ ունին, իսկ անոնք, որոնք զրկուած են, պիտի տեղափոխուին փուլային տարբերակով, որպէսզի կարենանք եւ՛ տեղաւորել, եւ՛ ընթացքին լուծել ընկերային հարցերը: Համոզուած եմ, որ յառաջիկային ներդրումներու հետեւանքով ընկերայինհարցեր պիտի չըլլան եւ ընկերային-տնտեսական ծրագիրները, որոնք նախանշուած են, միատեղ ուժերով պիտի կարենանք իրականացնել»: