21 Նոյեմբեր 2020_ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ վարչապետին հրաժարականը պահանջող ժողովրդային հանրահաւաք։ Հանրահաւաքի մասնակիցներուն մաս կը կազմէին Երեւանի մէջ ապաստան գտած արցախցիներ, պատերազմին հարազատներ ու ընկերներ կորսնցուցած քաղաքացիներ ու Արցախի ճակատագիրով մտահոգուածներ։ Հանրահաւաքի մասնակիցները յայտնեցին, որ ի հեճուկս վարչապետի խոստումին , թէ որեւէ բան գաղտնի չէ բանակցուած եւ ժողովուրդը պիտի որոշէ Ացախի հարցին առնչուող իւրաքանչիւր քայլ, Նիկոլ Փաշինեան գաղտնի որոշում առած է եւ Արցախը յանձնելու փաստաթուղթ ստորագրած է։
Սոյն հանրահաւաքին յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամներ՝ Տարօն Տօնոյեան եւ Արծուիկ Մինասեան, եւ «Երկիր Մետիա»ի լրատուական-վերլուծական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան :
ՀՅԴ ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ըսաւ.«Առաջնային խնդիր է, որ նոր որակի իշխանութիւնը վերականգնէ Հայաստանի արժանապատուութիւնը, այնպիսի արտաքին քաղաքականութիւն վարէ, որ կը բացառէ պատերազմը, հակառակ որ, եթէ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնավարէ, մեր ժողովուրդին կը սպառնան նոր պատերազմներ եւ նոր արհաւիրքներ»: Արծուիկ Մինասեանի խօսքին համաձայն, այս կարեւոր ուղղութիւնը, որ պէտք է նոր կառավարութիւնը ձեռնարկէ, կտրուած տնտեսութեան վերականգնումն ու աշխատատեղերու ստեղծումն է: Անոր կարծիքով՝ պէտք է արտաքին պարտքի շեշտակի վերանայում իրականացուի, հակառակ պարագային՝ մեր պետութիւնը արտաքին պարտքի բեռէն չի կրնար դուրս գալ։ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան յայտնեց, որ ան կ’ուզէ հարց ուղղել ՀՀ չկայացած վարչապետին, դեղին մամուլի էջերու վարպետ Նիկոլ Փաշինեանին: Ան կոչ ուղղեց վարչապետին` պատասխանելու նախկին շտապի պետ հրամանատար լեյտենանտ Մովսէս Յակոբեանին, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին բարձրացուցած հարցերուն: Տարօն Տօնոյեան իր ելոյթի ընթացքին անդրադարձաւ մէկ դրուագի, որ առնչուած էր «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանին հետ Դիմելով ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանին, Տարօն Տօնոյեան յիշեցուց. «Յովիկ Աղազարեան, 2 Հոկտեմբերին եկած էր մօտս, բժշկական պարագաներով Երեւանէն ինծի արկղեր ուղարկած էին, մեքենայէն իջեցուց, քանի մը բան մնաց մեքենային մէջ, հարցուցի՝ սա ո՞ւր կը տանիս, ըսաւ՝ Ճիպրայիլ պիտի տանիմ: Ընկեր, ըսի, ի՞նչ Ճիպրայիլ, Ճիպրայիլը արդէն յանձնած են, ըսաւ՝ ի՞նչ կը խօսիս Ճիպրայիլը մեր ձեռքն է, զանգեց «իմքայլականներէն» իմացաւ, որ Ճիպրայիլը մեր ձեռքն է և, անշուշտ, չգնաց»: Տարօն Տօնոյեան ըսաւ, որ Յովիկ Աղազարյմեան մինակը չէր, անոր հետ մէկ անձ կար, որ վերջերս Կառավարութեան դիմաց աջակցութեան ցոյցին գտնուելով կը պաշտպանէր Նիկոլ Փաշինեանը: Տարօն Տօնոյեան ըսաւ, որ իշխանութիւնները մեզ կը նախապատրաստեն հետագայ պարտութիւններու:
Հանրահաւաքին «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի լրատուական-վերլուծական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ Արցախեան հարցին մէջ պարտուողական, գաղտագողի, որեւէ մէկուն հետ չխորհրդակցելով, թուրքի դէմ ծունկի իջած ստորագրութիւն դնող պաշտօնեան պէտք է հեռանայ։ Ան ըսաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի ճանապարհային քարտէզին մէջ չկար նշուած իր հրաժարականի մասին։ Մանուկեան շեշտեց, ոչ մէկ ոստիկանական ուժ կրնայ լռեցնել պահանջքի ձայնը, ինչպէս երէկ կը փորձէին ընել: