«Արմէնփրէս».-: ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետքարտուղարի տեղակալ Սթիւըն Պիգընի հետ: Պետքարտուղարի տեղակալ Պիգըն շնորհաւորած է Արա Այվազեանը նոր պաշտօնին նշանակուելուն առիթով եւ յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի ու  Հայաստանի միջեւ սերտ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի:
Զրուցակիցները քննարկած են ԱՄՆ կողմէն ցուցաբերուելիք մարդասիրական օգնութիւնը եւ այն ջանքերը, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: