«Արմէնփրէս».- ֆրանսայի Ծերակոյտը 25 Նոյեմբերին պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւը: Քննարկումները պիտի սկսին Երեւանի ժամանակով 19:30-էն սկսեալ:
Բանաձեւը ներկայացուած են ծերակուտականներ Պրունօ Ռեթայոն, Պատրիքոյի Մաննէն, Էրուէ Մարսել, Ալիան Աղասսին եւ Կիլէօմ Քոնթարտը:
Լեռնային Ղարաբաղի մասին բանաձեւի նախագիծը քննարկելու ծերակուտականներու պատրաստակամութեան մասին հաղորդած է ֆրանսացի քաղաքագէտ Պրունօ Ռեթայոն` ֆրանսական խորհրդարանի վերին պալատին մէջ «Հանրապետականներ» խմբակցութեան ղեկավարը: