«Արմէնփրէս».- Վլատիմիր Փութին 23 եւ 24 Նոյեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Քրեմլի պաշտօնական կայքը հաղորդած է, որ մանրամասնօրէն քննարկուած են Ռուսիոյ միջգերատեսչական պատուիրակութեան 21 Նոյեմբերին Երեւան եւ Պաքու այցելութեան հետեւանքները, ինչպէս նաեւ երեք երկիրներու ղեկավարներու 9 Նոյեմբերին յայտարարութեան դրոյթներու կատարման ընթացքը:
Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին ռուս խաղաղապահներու աշխատանքի մօտալուտ ըլլալը եւ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հետագայ քայլերը:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական փոխգործակցութեան եւ երթեւեկային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերուն: