«Երկիր».-13 Նոյեմբերէն մինչ օրս ռուս խաղաղապահները մարդասիրական աշխուժ առաքելութիւն իրականացուցած են` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած ու անյայտ կորած մարմիններու որոնման համար:
Նախաձեռնութիւնը կը կատարուի Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան, հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու ուժերու հետ միատեղ:
Առաջին շաբթուան ընթացքին Շուշի քաղաքի տարածքին յայտնաբերուած է աւելի քան 2 հազար դիակ, որոնք յանձնուած են իւրաքանչիւր կողմին: Բացի այդ, ընդամէնը մէկ շաբթուան ընթացքին Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհը ամբողջութեամբ մաքրուած է , իսկ 17 Նոյեմբերին բացուած է Լաչինի միջանցքը Երեւանէն փախստականներու` Գորիսէն դէպի Ստեփանակերտ անվտանգ տեղափոխման համար: 22 Նոյեմբերին Մարտունի շրջանին մէջ ամբողջութեամբ աւարտած են մարմիններու որոնման ու փոխանակման աշխատանքները: