9 Նոյեմբերին Արցախեան հրադադարի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն վերջ բողոքի ալիք բարձրացած է նաեւ Հայկական Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ: Շուրջ երկու տասնեակէն աւելի կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ, մասնաւորապէս, տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հ․Յ․Դաշնակցութեան մարմինները, օժանդակ եւ գործընկեր կառոյցները հանդէս եկած են յայտարարութիւններով եւ ուղերձներով, ուր խստիւ դատապարտած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէն ստորագրուած յայտարարութիւնը: Նշուած կազմակերպութիւնները ստեղծուած իրավիճակին, ստորագրուած փաստաթուղթով նախատեսուած հակազգային եւ հակապետական դրոյթներու, ներազգային անհամերաշխութեան եւ ընդդիմութեան նկատմամբ կիրառուող բռնարարքներու պատասխանատու կը համարեն ՀՀ վարչապետին ու անոր խումբին: Որպէս ելք` նշուած կառոյցները իրենց համերաշխութիւնը յայտնած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին եւ գործընկեր 16 կուսակցութիւններուն` իրենց բողոքի գործողութիւններուն եւ առաջադրած ճանապարհային քարտէզի իրագործման հարցերով:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր խումբի հրաժարականի պահանջով, մասնաւորապէս, հանդէս եկած են Սփիւռքի հետեւեալ կազմակերպութիւններն ու կառոյցները`

Քուէյթի Ազգային կառոյցներ
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւն
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջան, Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ, ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւն (Քանատա), Մոնթրէալի համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւն, Գոնգորթիա համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւն
ՀՅԴ Հիւսիսային եւ Հարաւային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէներ
ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ
ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէ
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ