«Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան 2021-ի ամավարկի քննարկման ընթացքին քննադատեց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը՝ Արցախի հակամարտութեան մէջ: Փայլան յայտնեց, որ իր երազն է տեսնել, որ օր մը Թուրքիա Հայաստանը եւս եղբայրական պետութիւն կոչէ, ինչպէս կ՛ընէ Ատրպէյճանի պարագային: Ըստ Փայլանի՝ այս պատերազմին միակ յաղթողը Ռուսիան էր:
Նախարար Չաւուշօղլու իր եզրափակիչ ելոյթով պատասխանեց Փայլանին՝ ըսելով. «Պրն. Փայլա՛ն, մինչեւ այսօր երբեւէ ըսա՞ծ էք Հայաստանը թող դուրս գայ Ատրպէյճանի գրաւուած հողերէն: Ես ալ ձեզի հարցուցի՝ կրնա՞ք Հայաստանին ըսել, որ դուրս գայ այնտեղէն: Դուք վստահ չէիք, որ կրնաք: Պարոն Փայլան, ոչ մէկ անգամ հրապարակային չէք ըսած, որ անոնք Ատրպէյճանի հողերն են, ու թող Հայաստանը դուրս գայ անկէ: Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով բանակցութիւնները պիտի շարունակուին. Ատրպէյճանն ալ ըսած է, որ պատրաստ է հարցը քննարկելու»:
Թուրք նախարարը դիտել տուաւ, որ Թուրքիա Ռուսիոյ հետ առանձին համաձայնագիր ստորագրած է հրադադարի կարգաւորման կեդրոն հիմնելու համար եւ անոր ծիրին մէջ պիտի ունենայ իրեն վերապահուելիք շարք մը լիազօրութիւններ: