9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան հետեւանքով երէկ` 25 Նոյեմբերին, Քարվաճառի շրջանը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին:
Այսպիսով, հայկական զօրքերու շարասիւնը դուրս եկած է Քարվաճառէն` վերջին անգամ ըլլալով լուսանկարուելով եւ հրաժեշտ տալով:
Միւս կողմէ, Արցախի տեղեկատուական շտապը կը տեղեկացնէ, որ այսուհետեւ Արցախի Հանրապետութիւն մուտք գործելն ու Հանրապետութենէն ելք կատարելը կարելի է միայն Բերձոր-Ստեփանակերտ մայրուղիով: