«Երրկիր».-Եւրոխորհրդարանը իր ընդունած բանաձեւով Եւրոմիութեան առաջնորդներուն կոչ ուղղած է պահպանելու միասնութիւնն ու կոշտ պատժամիջոցներ կիրառելու` ի պատասխան Թուրքիոյ «անօրինական» գործողութիւններուն:
Բանաձեւը խորհրդատուական բնոյթ ունի, պատժամիջոցներու մասին վերջնական որոշում պիտի կայացնէ Եւրոխորհուրդը:
Ըստ կանխատեսումներուն, հարցը հեշտ պիտի չլուծուի, որովհետեւ Թուրքիան Եւրոմիությւան առանցքային գործընկերն է շարք մը ոլորտներուն մէջ, հետեւաբար ԵՄ անդամ երկիրները միասնական չեն:
Բանաձեւին համաձայն, Եւրոմիութեան ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները հասած են «պատմական նուազագnյնին» Միջերկրական ծովու, Լիպիոյ, Սուրիոյ Անգարայի գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտnւթեան մէջ Ատրպէյճանին անմիջական աջակցելու պատճառով: Թուրքիոյ հարցը ԵՄ առաջնորդները պիտի քննարկեն 10-11 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք գագաթնաժողովին: