«Արմէնփրէս».-27 Նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մէկ ժամուան ընթացքին երկու անգամ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ:
«Քննարկման առանցքի մէջ էին Լաչինի միջանցքի բնակավայրերու, անհետ կորսուածներուն, որոնողական աշխատանքներուն, զոհուածներու մարմիններուն, գերիներու փոխանակման գործընթացին, խաղաղապահներու տեղակայման եւ սահմանազատման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երթեւեկային դժուարութիւններու ապաշրջափակման հետ կապուած հարցեր:
Նման քննարկումներ պարբերաբար տեղի կ’ունենան, երբեմն օրը քանի մը անգամ: Այս քննարկումներուն մասին միշտ չէ, որ հաղորդագրութիւններ կը տարածենք, նկատի առնելով անոնց աշխատանքային բնոյթը եւ յաճախութիւնը», գրած է վարչապետը: