«Արմէնփրէս».- Ստեփանակերտի մէջ ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ կը շարունակուին խաղաղ կեանքի վերսկսման աշխատանքները:
95-97 տոկոսով վերականգնած են ելեկտրամատակարարումն ու կազամատակարարումը: Վերականգնած է քաղաքային ելեկտրակայանի աշխատանքը:
ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութեան միջազգային հակաականային կեդրոնի զինուորական ծառայողները վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման վայրերուն մէջ իրականացուցած են պայթիւնավտանգ առարկաներու յայտնաբերման աշխատանքներ՝ երկու դպրոցի մէջ, ուր յառաջիկային պիտի վերսկսի ուսումնական գործընթացը: