«Արմէնփրէս».- Մարտական հերթապահութեան իրականացման նպատակով` 27 Նոյեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած է ժամանակաւոր մարտական յենակէտերու փաստացի տեղակայման յստակացում:
ՀՀ ԱԳՆ-ն կը տեղեկացնէ, որ պետական սահմանի սահմանագծումը եւ սահմանազատումը տեւական, համալիր գործընթացներն են, որոնք իրականացուած են պետութիւններու միջեւ ձեւաւորուող միատեղ միջգերատեսչական յանձնաժողովներու եւ աշխատանքային խումբերու կողմէն` միջպետական բանակցութիւններու ճանապարհով, որուն հետեւանքով կնքուած է համապատասխան միջազգային փաստաթուղթ: