«Երկիր».-Առաջին անգամ ըլլալով, Եւրոխորհրդարանը, լայն մեծամասնութեամբ, քուէարկեց Թուրքիոյ դէմ խիստ պատժամիջոցներու պարտադրման որոշումին ի նպաստ, որդեգրելով յունական եւ կիպրական պատուիրակութեանց ներկայացուցած բարեփոխումը, նախաձեռնութեամբ` Վանկելիս Մէյիմարաքիսի, Լէֆթերիս Խրիստոֆորուի եւ Լուկաս Ֆուրլասի: Քուէարկութեան արդիւնքն էր 440՝ դեր, 193՝ դէմ եւ 53՝ ձեռնպահ:

Եւրոխորհրդարանին այս կարեւոր որոշումը Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն յստակ պատգամ մը կ’ուղղէ՝ յառաջիկայ 11 Դեկտեմբերին թրքական արկածախնդրութեանց դէմ որոշումներ գոյացնելու:

Այս որոշումով, որուն զօրավիգ կանգնեցաւ Եւրոպական Ժողովրդային Կուսակցութեան Եւրոխորհրդարանի պլոքը, կը փաստուի թէ սոյն կուսակցութեան յոյն եւ կիպրացի եւրոերեսփոխաններու ձայնը ուժեղ է: Առաջին փուլէն, Եւրոպական Ժողովրդային Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Մանֆրէտ Ուէպըր ինքզինք դասած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի կողքին, անվերապահօրէն պաշտպանելով Միջազգային Օրէնքի կանոնները եւ պահանջելով յստակ որոշումներ եւ գործնական զօրակցութիւն, ի նպաստ` Եւրոպական Միութեան անդամ երկու պետութիւններուն: