«Երկիր».- 27 Նոյեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտնած է, որ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկսած է կայունանալ, հրադադարի վարչակարգի խախտումներ ու ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի նկատմամբ սադրանքներ չեն արձանագրուած:
Անոր խօսքին համաձայն, նշուած դրական միտումները ծանրակշիռ ապացոյց են, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ընտրած ուղին ճիշդ էր, եւ պայմանագիրի դրոյթները գործնականօրէն սկսած են իրականացուիլ:
Զախարովան նաեւ ըսած է, որ Ռուսիան մշտական կապ պահպանած է Թուրքիոյ հետ Ղարաբաղեան հարցով:
«Մեր փոխգործակցութեանը Թուրքիոյ հետ տարբեր ուղղութիւններով է, եւ՛ քաղաքական-դիւանագիտական կապեր են, եւ՛ կապեր մեր զինուորականներուն միջեւ», ըսած է Մարիա Զախարովան: