«Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան հաստատած է Հայաստանի հետ «Բոլորը բոլորին դիմաց» ձեւաչափով գերիներու փոխանակման մտադրութիւնը:
«Ատրպէյճանը կը հանդիսանայ գերիներու եւ այլ պահուող անձերու փոխանակման` «Բոլորը բոլորին դիմաց» ձեւաչափի կողմնակից», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Գերատեսչութեան մէջ նաեւ յայտնած են, որ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք շքերթի ընթացքին հայ ռազմագերիները ցուցադրելու մտադրութիւն չունին: