Ֆրանսայի Ազգային ժողովը 3 Դեկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին Ֆրանսայի Ծերակոյտին ընդունած պատմական որոշումէն մէկ շաբաթ անց, 188 կողմ եւ 3 դէմ ձայնով ընդունած է բանաձեւ, ուր ընդգծուած է Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հրատապ անհրաժեշտութիւնը:
Բանաձեւին մէջ նաեւ արձանագրուած են Ատրպէյճանի կողմէն ռազմական ճամբով խաղաղութեան գործընթացը ձախողեցնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ահաբեկչական վարձկաններուն տեղակայելու փաստերը:

Նախորդ շաբաթ Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունած էր Արցախի ճանաչման անհրաժեշտութեան համապատասխան բանաձեւ եւ կոչ ուղղած էր երկրի կառավարութեան ճանչնալու ԱՀ անկախութիւնը: