Եկեղեցին հարուստ է սուրբերով: Սուրբ ըլլալ՝ կը նշանակէ Աստուծոյ սեփականութիւնը դառնալ: Մեղքէն հրաժարողը եւ Քրիստոսի պատկանողը սրբութեան առաջին քայլը առած կ’ըլլայ: Մեղքի ծառայութեան լուծին տակ եղողը չի կրնար Տիրոջ հետ անմիջական հաղորդակցութիւն ունենալ: Այդպիսին սրբութեան ճանապարհէն հեռանալով ինքզինք կամովին կը զրկէ սրբութեան կեանքէն: Երբեմն կը կարծենք թէ սրբութիւնը որոշ մարդոց վերապահուած է: Իրականութեան մէջ սրբութիւնը աստուածային հրաւէր է բոլոր ժամանակներու մէջ ապրող մարդոց համար: Մեր կեանքի ընթացքին կը մեղանչենք: Չկայ կատարելապէս արդար մարդ: Հեղինակ մը ըսած է. «Մեղք գործելը մարդկային է, մեղքի մէջ մնալը սատանայական, իսկ մեղքէն հեռանալը՝ հրեշտակային»: Ենթակայ ենք կիրքերու, տկարութիւններու եւ փորձութիւններու: Սրբութեան ուղիէն ընթանալու համար հարկ է Աստուծոյ պատկանելու գիտակցութեամբ ապրիլ: Քրիստոնեան չի կրնար աշխարհը դրախտի վերածել, բայց կրնայ հրեշտականման վարք ու բարքով ապրիլ: Քրիստոնեայ կոչումը ստացողը չի կրնար երկնային կեանքի պատկերը ընդօրինակել, բայց կրնայ իր ապրելակերպով հոգիին գեղեցկութեան արտացոլացումը հանդիսանալ: Սուրբերը Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցան,  մեղքին դէմ պայքարեցան եւ փորձութիւններէն յաղթական դուրս եկան: Անոնք Աւետարանի ճշմարտութիւններուն արձագանգն են:  Եկեղեցին կը պատուէ անոնց, որովհետեւ աղօթական ապրումներով, Աստուծոյ կամքին հնազանդելով, հոգեւոր արժէքներուն կառչելով, գալիք սերունդներուն բարի օրինակ դառնալով եւ ուխտապահ մնալով՝ աղ ու լոյս եղան…: Հոգեւոր աճման մնայուն վիճակը կը տեսնենք սուրբերուն կեանքին մէջ: Խոնարհութեան եւ հաւատարմութեան պտուղները կը քաղենք անոնց յաղթական երթին ընդմէջէն: Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներու գրած նամակին 11-րդ գլխուն մէջ կը խօսի հաւատքի մասին եւ կը յիշէ հաւատքով վկայուած սուրբ գրային դէմքեր: Առաքեալը  մանրամասնօրէն կը յիշէ սուրբերուն կրած բազմաթիւ նեղութիւնները ապա կ’ըսէ. «Արդարեւ աշխարհը արժանի չէր այդ մարդոց» (Եբր 11.38): Ինչ զարմանալի արտայայտութիւն…:  Սուրբերուն գովքը հիւսող, անոնց եզակի տեղը եւ ազդեցիկ դերը շեշտող առաքեալին բառերէն կարելի է հասկնալ թէ երկրաւորէն աւելի յաւիտենական կեանքի արժանի էին այդ սրբակրօն եւ անբիծ հաւատքի ախոյեանները, որոնք Աստուծոյ պատրաստած յաւիտենական յարկերուն մէջ բնակիլը նախընտրեցին, քան՝ ժամանակաւոր կեանքը: Պատահական չէ որ աղօթքին ընթացքին խնդրանք կը ներկայացնենք Տիրոջ՝ ըսելով. «Շնորհէ մեզի Տէր որ անոնց օրինակով ապրինք  եւ մեր կեանքի վախճանը ուղիղ խոստովանութեամբ կնքէ…»: Սուրբերու տօնին առիթով կը մտաբերենք առաքեալին հետեւեալ պատուէրը. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի: Նայեցէք թէ ինչպէ՛ս ապրեցան եւ ինչպէ՛ս մեռան անոնք, եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն» (Եբր 13.7):
«Օրինակ առէք անոնց հաւատքէն»: Մեզի համար այս ըլլալու է սուրբերու տօնին շարժառիթը, յիշատակութեան նպատակը եւ համախմբումին նշանաբանը: Այլապէս յիշելը մակերեսային եւ ձեւական կերպ կ’ունենայ: Սուրբերը Քրիստոսի իսկական սիրականներն են, ինչպէս Հին Ուխտին մէջ Երգ Երգոցը կ’ըսէ. «Ես իմ սիրականիսն եմ եւ իմ սիրականս իմս է» (Երգ 6:3): Սուրբերը յոյս կու տան մեզի, որով իբրեւ ընտիր մշակներ՝ բարիք սերմանեցին, սէր տարածեցին, փրկութիւն քարոզեցին, ջերմեռանդ ծառայեցին եւ օրհնութիւն կտակեցին: Մենք ընդհանրապէս հրաշքներ կը փնտռենք եւ կը կարծենք, թէ հրաշագործող սուրբերը միայն յիշատակելի են: Սակայն այս չափանիշը չի համապատասխաներ Քրիստոսի ուսուցումներուն: Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս չըսաւ` երանի հրաշագործ զօրութիւն ունեցողներուն: Այլ ըսաւ.«Երանի անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (Մտ 5.8): Ուրեմն, սուրբերը միայն ի վերուստ հրաշք գործելու կարողութեամբ օժտուածները չեն, այլ մանաւանդ Քրիստոսի նմանութեամբ ապրողները: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Աստուծոյ նմանեցէք,  որպէս իր սիրելի որդիները…» (Եփ 5.1): Ուրիշ առիթով մը նոյն իմաստը կը պարզէ ըսելով. «Հետեւաբար ինծի նմանեցէք, ինչպէս ես՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ» (Ա.Կր 11.1):
Ուրեմն, սուրբերուն կեանքին մէջ իւրայատուկ էր Քրիստոսի նմանութեան արդար ճիգը, քանի «Ով որ կ’ըսէ թէ Քրիստոսի միացած կը մնայ, պէտք է ապրի այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս ինք ապրեցաւ» (Ա.Յհ 2.6):
Եկեղեցին չի սահմանափակեր սուրբերուն անունի ցանկը կամ նշումի օրը: Ասոր ապացոյցն է «Ամենայն սրբոց»ը. մեր տօնացոյցին մէջ արձանագրուած կը տեսնենք հետեւեալ բանաձեւը. «Անենայն Սրբոց, Հնոց Եւ Նորոց, Յայտից Եւ Անյայտից»: Ինչքան անծանօթ սուրբեր երկիւղած բարեպաշտութեամբ եւ աղօթասացութեամբ արժեւորեցին իրենց պանդխտութեան տարիները: Ինչքան անծանօթ մարդիկ իրենց խոր հաւատքով եւ առաքինի վարքով հոգեշահ գանձեր նուիրաբերեցին գալիք սերունդներուն: Նմանօրինակ մարդիկ համբաւ չունեցան, հռչակաւոր կամ հեղինակաւոր չեղան, բայց սրբադրոշմ հետքեր ձգեցին ուրիշներու հոգւոյն մէջ: Այս իսկ պատճառաւ հայ եկեղեցին «Ամենայն Սրբոց» տօնը կը նշէ (Այս տարի 31 Հոկտեմբերին յիշատակուեցաւ), որպէսզի այդ անծանօթ սուրբերուն նկատմամբ յարգանք մատուցուի, անոնց օրհնաբեր ժառանգը բաշխուի եւ խնկելի յիշատակը տօնուի:
Ի վերջոյ, ներկայ աշխարհին մէջ Սատանան կատաղի յարձակումով կը փորձէ սրբութեան գաղափարը մարդոց միտքէն հեռացնել: Երբ իմաստուն երիտասարդ մը կը փափաքի ընտանիք կազմել,  եթէ պատահի որ թեկնածու մը գտնէ կը հարցնէ անոր. «Ընտանեկան սրբութեան» մասին: Գիտակից երիտասարդուհին ալ պիտի ցանկար, որ ապագայի կեանքի ընկերը՝ ամուսինը «ընտանեկան սրբութեամբ դաստիարակուած» ըլլար:
Ներկայ մարդկութիւնը կը տառապի պղծասէր մոլութիւններէ, եսակեդրոն մտածումներէ, բարոյական անկումներէ եւ մարդուն մէջ Աստուծոյ պատկերը սրբապղծելու համարձակող չար հնարքներէ: Սրբութեան կեանքը աստուածահաճոյ ուխտագնացութեան հայելին է: Ահա թէ ինչո՛ւ սուրբերուն պանծալի յիշատակը կը տօնուի:
Սրբութեան ձգտողը  կ’ընտրէ ճիշդ  հասցէն խաղաղութեան եւ լուսաշող ուղին երանութեան:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան