«Ամուր կանգնինք եկեղեցւոյ կողքին». այս կարգախօսով 27 Դեկտեմբերին բազմաթիւ քաղաքացիներ այցելած են Մայր տաճար եւ Սուրբ Գայիանէ եկեղեցի` իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ: Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի ղեկավարները նոյնպէս մասնակցած են Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած տարեվերջի սուրբ պատարագին` անգամ մը եւս ակնածանք ու զօրակցութիւն յայտնելով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ, աղօթելով հայոց աշխարհի անսասանութեան եւ հերոս նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ