28 Դեկտեմբերին բազմաթիւ քաղաքացիներ բողոքի ցոյց իրականացուցած են Ազգային Ժողովի մուտքին: Անոնք, դաւաճան վանկարկելով, դիմաւորած են «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամները եւ ամօթանք տուած են: Քաղաքացիներուն մէկ մասը հաւաքուած էր Տէմիրճեան փողոցի երթեւեկելի շրջանը, միւս մասը ԱԺ-ի` Բաղրամեան փողոցի մուտքին: Անոնք հաւաքուած են իշխանական պատգամաւորներուն ըսելու, թէ ինչ կը մտածեն անոնց մասին: «Իբրեւ ԱԺ մեծամասնութեան պատգամաւոր` դուք ձեր անգործութեամբ ոչնչացուցած էք ԱԺ-ն` որպէս գործադիրի հակակշիռ, որպէս առաջնային մանդատի հիմնսրկ: Եւ դուք անոր համար պատասխան պիտի տաք», յայտարարած էր քաղաքացիներէն մէկը: Ցոյցին զուգահեռ խորհրդարանին մէջ ԱԺ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է ԱԺ խորհուրդի նիստ: Օրակարգը ընդգրկած է 15 հարց, որոնցմէ մէկը ԱԺ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Նաիրա Զոհրապեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցն է: ԱԺ-ի շրջակայքը բերման ենթարկուած են տասնեակ քաղաքացիներ: Յայտնի դարձաւ, որ բերման ենթարկուած են նաեւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, ՀՅԴ ԳՄ անդամներ Արծուիկ Մինասեան եւ Աշոտ Սիմոնեան եւ ՀՅԴ երիտասարդներ: Ազգային ժողովի մուտքերը շրջափակած, անհնազանդութեան ցոյց իրականացնող քաղաքացիները Բաղրամեան պողոտայէն երթով հասած են դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Անոնք ԱԺ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներէն պահանջած են դուրս գալ խմբակցութենէն, երկրին մէջ վերացնել ռազմական դրութիւնը եւ պահանջել Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը: