«Երկիր Մետիա».- Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան Արցախի հանրային պատկերասփիւռին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ Հադրութի, Ասկերանի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ անցած այլ տարածքները ժամանակի ընթացքին պիտի վերադարձուին:
Ան դիտել տուած է, որ ինքը ոչ թէ յոյս կու տայ, այլ կը վստահեցնէ, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ պիտի տարուին: Վիտալի Բալասանեան նաեւ յայտնած է, որ պիտի ըլլայ սահմաններու ճշդում, Արցախի կարգավիճակի հարցին յստակացում:
«Մենք չենք պարտուած, ծունկի չենք եկած», յայտարարած է Վիտալի Բալասանեան` աւելցնելով, թէ ականատես պիտի ըլլանք, որ շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ինչ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը:
«Փակագիծեր չեմ բանար, կը տեսնենք, ինչ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի Ատրպէյճանը, ղարաբաղերէն ասացուածքով ` թամաշայ պիտի ընենք», ըսած է ան: